2013-02-08 11:40:24

Սուրբ Երկիր` Գերապայծառ Շոմալի Կը Հաստատէ Միջազգային Օրինաւորութեան Անհրաժեշտութիւնը Վերջ Դնելու Իսրայել - Պաղեստին Հակամարտութեան։


''Միայն միջազգային օրինաւորութիւնը կրնայ հաստատ ու ապահով սարահարթ հիմք հանդիսանալ Իսրայել Պաղեստինեան բանակցութիւններուն։'' Այսպէս արտայատուած է Երուսաղէմի Պատրիարքական Փոխանորդ գերապայծառ Շոմալի, անցեալ օրերուն Թոլոզի Կաթողիկէ հաստատութեան մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին ''Միջկրօնական երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն Սուրբ Երկրի մէջ. Ներկայ մարտահրաւէրներ եւ ապագայի հեռանկարներ'' վերտառութեամբ համաժողովի առթիւ։
Երուսաղէմի Պատրիարքական Փոխանորդը մատնանշած է Սուրբ Երկրի միջկրօնական բանակցութիւններու ''լոյսերուն եւ ստուերներուն'' վերյիշելով վերջերս Քրիստոնեայ կառոյցներու դէմ կատարուած վայրագ արարքները ու այդ արարքներու միաձայն դատապարտումը բոլոր համայքներու կողմէ։
Գերապայծառ Շոմալի հաստատեց թէ այս հարցին դրդապատճառը '' մոլեռանդութեան դասաւանդութեան'' մէջ կը կայանայ - աւելցնելով նաեւ թէ յոյսի նշոյլներ չեն պակսիր որովհետեւ ''Քրիստոնեաներն ու Մահմետականները միացնողը անոնց լեզուն է, մշակոյթն է եւ նոյն ապրած տառապանքն է'' Թէեւ - ըսած է գերապայծառը - ''Աստուածաբանական երկխօսութիւնը միշտ դժուարութիւններու կը հանդիպի''։ Ան ապա մատնանշած է թէ Քրիստոնեաներն ու մահմետականները միասնաբար կրնան խորացնել ''կրօնական եւ բարոյական արժէքները ինչպէս ողորմութիւնը, արդարութիւնը, ուխտագնացութիւնը եւ կեանքի յարգանքը''։

Շոմալի գերապայծառը ապա ընգծած է հարկաւորութիւնը քրիստոնեայ ընկերային հաստատութիւններու մէջ ''իսլամ եւ քրիստոնեայ երիտասարդներուն'' դասաւանդելու ''հանդրժողութիւն ու իրարու յարգանք''։ Իր ելոյթին մէջ ապա` Պատրիարքական Փոխանորդը ապա շեշտը դրած է Իսլամ - Քրիստոնեայ եւ Հրեայ - Քրիստոնեայ երկխօսութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.